Հալէպահայ Ալեքսան Խաչատուրեան, երկուշաբթի՝ 6 Յունուար 2020-ին Հոլանտայի մէջ կնքած է իր մահկանացուն:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն:
Հանգուցեալի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի՝ 15 Յունուար, 2020-ին, Հոլանտայի մէջ:
Նշենք, որ 1969-ի ծնունդ Ալեքսան Խաչատուրեանը Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով վերջին վեց տարիներուն ընտանիքին հետ հաստատուած էր Հոլանտա:
Ալեքսան Խաչատուրեան Հալէպի «Կիլիկիա» հիւրանոցի սեփականատէրն էր: Ան ամուսնացած է Թալին Խաչատուրեանի հետ եւ հայր երեք զաւակներու՝ Կրիկորի (9 տարեկան), Քրիս (6 տարեկան) եւ Եոհաննէս (3 ամսական):
Իր շրջապատին մէջ յարգուած եւ սիրուած Խաչատուրեանը աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է գաղութային եւ եկեղեցական կեանքէն ներս:
Ան եղած է ՀՅԴ եւ ՀՄԸՄ-ի անդամ, կարեւոր ներդրում ունեցած է Հայկական ոսկերչական միութեան գործունէութեան ընդհանուր դաշտին մէջ։
Խաչատուրեանի անակնկալ հիւանդութիւնն ու մահը մեծ վիշտ պատճառած են անոր մեծ ու փոքր ընտանիքներուն։