image

Բարի լուր Հալէպէն. Կարէն եւ Էլզա Պիլէմճեաններ բախտաւորուած են աղջիկ զաւակով մը ՝ Լիաննա

Բարի լուր Հալէպէն. Կարէն եւ Էլզա  Պիլէմճեաններ  բախտաւորուած   են   աղջիկ   զաւակով մը ՝ Լիաննա

Այսօր Հալէպէն բարի լուր մը ստացանք. հալէպահայ Կարէն եւ Էլզա  Պիլէմճեաններու ընտանիքը բախտաւորուած է աղջիկ զաւակով մը՝ Լիաննա։

Փոքրիկը Պիլէմճեան ընտանիքի երկրորդ զաւակն է, իսկ անդրանիկ զաւակը  կը կոչուի՝  Զաւէն (չորս տարեկան)։

Այս առթիւ  «Արեւելք»  իր խնդակցութիւնները կը յայտնէ   Պիլէմճեաններու ընտանիքին եւ անոնց հարազատ ու մեր թերթի բարեկամ ՝ Ալեքսան  Գարատանայանին։

Հալէպի մէջ հայկական երդիքի տակ  իւրաքանչիւր փոքրիկի լոյս աշխարհ  գալը մեզի յոյս կը ներշնչէ, որ պատերազմի արհաւիրքէն դուրս եկած Հալէպ քաղաքն ու հալէպահայութիւնը դարձեալ պիտի վերստանձնեն իրենց պատմական դիրքն ու դերակատարութիւնը։