image

ՀՀ վարչապետը ցաւակցած է Իրանի եւ Ուքրանիոյ նախագահներուն

ՀՀ վարչապետը ցաւակցած է Իրանի եւ Ուքրանիոյ նախագահներուն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Թեհրանի շրջակայքը տեղի ունեցած ողբերգական օդանաւային վթարի կապակցութեամբ ցաւակցական հեռագրեր յղած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտոմիր Զելենսքիին եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիին, կը տեղեկանանք ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն: 

Ուքրանիոյ նախագահին յղուած հեռագրին մէջ ըսուած է.

«Յարգելի պարոն Զելենսքի,

Խոր վիշտով ստացայ Թեհրանի մօտակայքը «Ուքրանիոյ միջազգային օդագնացութեան ուղիներ»-ուն պատկանող օդանաւի կործանման ցաւալի լուրը:

Հայ ժողովուրդի եւ անձամբ իմ անունով խորին ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն կը յայտնեմ զոհուածներու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն: Այս դժուարին պահին մենք Ուքրանիոյ բարեկամ ժողովուրդի կողքին ենք»:

Իրանի նախագահին յղուած հեռագրին մէջ ըսուած է.

«Ձերդ Գերազանցութիւն,

Ցաւով տեղեկացայ 8 յունուարին Թեհրանի շրջակայքը տեղի ունեցած ողբերգական օդանաւային վթարի մասին, որ տասնեակ մարդկային զոհերու պատճառ դարձած է:  Հայ ժողովուրդի անունով իմ խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեմ Ձեզ, զոհուածներու ընտանիքներուն եւ Իրանի բարեկամ ժողովուրդին»: