image

Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքեց Զառուհի Կիւմրիքեանը

Հալէպի մէջ  իր մահկանացուն կնքեց    Զառուհի  Կիւմրիքեանը

Հալէպի մէջ  իր մահկանացուն կնքած է     Զառուհի  Կիւմրիքեանը։  Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ    հանգուցեալի  հարազատներէն։ Բնիկ  հալէպցի  հայուհին (ծնեալ  1951-ին)   իր  կրթութիւնը ստացած է  «Կիլիկեան»  վարժարանին մէջ  եւ   ուսման  փուլի  աւարտէն ետք ամուսնացած է Յովհաննէս  Կիւմրիքեանին  հետ     (1970-ին)  կազմելով   գեղեցիկ հայկական  օճախ մը։

Իր  ազգականներու,   դրացիներու եւ բարեկամներու  լայն շրջանակին մէջ  սիրուած  ու յարգուած  հայուհին,  ըլլալով  նուիրեալ  մայր մը, կարողացած է  վառ   պահել իրենց  օճախը   իր ամուսնոյն   շիջումէն ետք ալ։

Շնորհիւ այդ  ոգիին ու մաքրութեան   իր   երեք  զաւակները՝     Արան,     Հրաչը եւ  Ալինը     ստացած են ազգային բարձր դաստիարակութիւն։

Ան,  ինչպէս  հարիւրաւոր   հալէպահայ մեր հայրենակիցները   ապրած է Սուրիոյ  պատերազմի ամէնէն  դժնդակ   օրերը,  ու հակառակ  ամէն տեսակի    դժուարութիւններուն կարողացած է, որպէս մայր, որպէս ընտանիքի տէր ու տիրական   պահպանել    Կիւմրիքեաններու    անաղարտ օճախը։

Հանգուցեալի   յուղարկաւորութեան եւ թաղման  արարողութիւնը պիտի կատարուի  վաղը՝  Հալէպի    հայ  առաքելական  Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, որմէ  ետք ալ   անոր մարմինը պիտի ամփոփուի Հալէպի   Ազգային Գերեզմանատան մէջ։

 

Այս տխուր առթիւ «Արեւելք» իր  խորազգաց   ցաւակցութիւնները կը  յայտնէ հանգուցեալի  հարազատներուն եւ  մասնաւորապէս  թերթիս  բարեկամ՝ տիար Արա  Կիւմրիքեանին։