image
Հրատապ լուրեր:

Հովուական վերադասաւորումներ

Հովուական վերադասաւորումներ

Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանէն  կը յայտնեն, թէ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովի առաջարկով եւ առաջնորդ սրբազան հօր` գերաշնորհ Տ. Նարեկ արքեպիսկոպոսի որոշումով, վերջերս հետեւեալ հովուական վերադասաւորումները կատարուեցան.-

Ա.- Արժ. Տ. Դանիէլ քհն. Մանճիկեան մօտ օրէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ պիտի մեկնի` ծառայելու համար Արեւելեան շրջանի թեմին մէջ։

 
Բ.- Արժ. Տ. Օշին աւ. քհն. Գէորգեան Նորաշէնի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ։

 
Գ.- Արժ. Տ. Ներսէս քհն. Պասիլեան Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ։

 
Դ.- Արժ. Տ. Յակոբ քհն. Պզտիկեան եւ Արժ. Տ. Խորէն քհն. Մելքոնեան Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ նշանակուեցան։

 
Ե.- Արժ. Տ. Առաքել քհն. Տըմտըմեան Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի մատուռի հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ։


Առաւել, Արժ. Տ. Սեւակ աւ. քհն. Վասիլեան հանգստեան կոչուեցաւ։