image

«Հայաստանի մէջ սուրիացի փախստականներու աջակցութեան ծրագիր»ը պիտի շարունակուի

«Հայաստանի մէջ սուրիացի փախստականներու աջակցութեան ծրագիր»ը պիտի շարունակուի

Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութեան գլխաւոր քարտուղար Աննա Եղիազարեանը եւ Քուէյթի Կարմիր մահիկի ընկերութեան նախագահ Հիլալ ալ-Սայերը Ժընեւի մէջ ստորագրած են «Հայաստանի մէջ սուրիացի փախստականներու աջակցութեան» ծրագրի պայմանագիրը։

Ծրագիրը, որու մեկնարկը տրուած էր 2019 թուականի 1 նոյեմբերին, պիտի շարունակուի մինչեւ 2020 թուականի 31 հոկտեմբերը։ Նպատակն է բարելաւել Հայաստանի մէջ սուրիացի փասխտականներու բարեկեցութիւնը՝ ապահովելով մարդասիրական աջակցութիւն եւ կրթութեան հասանելիութիւն՝ առաւել խոցելի ընտանիքներուն։

Ծրագրի շրջածիրէն ներս․

  • 60 առաւել խոցելի ընտանիքներ տարեկան 4 անգամ պիտի ստանան սնունդի փաթեթներ,
  • 170 առաւել խոցելի ընտանիքներ տարեկան 2 անգամ պիտի ստանան հագուստի ձեռքբերման հնարաւորութիւն,
  • 30 առաւել խոցելի ընտանիքներու՝ անհետաձգելի առողջապահական ծառայութեան կարիք ունեցող անդամներուն պիտի տրամադրուի անհրաժեշտ գումար,
  • առաւել խոցելի ընտանիքներու 40 ուսանողներու պիտի տրամադրուի ուսման վճարի մասնակի փոխհատուցում։

Աջակցութեան ընդհանուր գումարը պիտի կազմէ 100 000 տոլար։