image

Սուրիացի կին պատգամաւորը արկածի զոհ

Սուրիացի կին պատգամաւորը արկածի զոհ

Սուրիացի երիտասարդ պատգամաւոր Ժորժինա Ռըզք (42 տարեկան) զոհ գացած է ծանր արկածի։

 Այս մասին լուրը հաղորդեց «Lebanon 24» կայքը նշելով նաեւ, որ Ռըզք ինքնաշարժի արկածի  զոհ եղած է Դամասկոսի Տումմար շրջանին մէջ  գտնուող զարիվեր ճամբուն վրայ։

Պատգամաւորի  ինքնաշարժը  հիմնովին ջախջախուած է եւ ան տեղւոյն վրայ մահացած։

Նշենք, որ Դամասկոսի շրջանէն ընտրուած Ռըզք անդամ էր «Պաաս» կուսակցութեան եւ ան խորհրդարան հասած էր իշխող կուսակցութեան ընտրացուցակով։