image

Երեւան. Դպրոցականներու միջեւ ծեծ եւ դանակահարում

Երեւան. Դպրոցականներու միջեւ ծեծ եւ  դանակահարում

SHAMSHYAN.com-ի տեղեկութիւններով, 7 դեկտեմբերին, ծեծկռտուք-դանակահարութիւն տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ Ժամը 19։05-ի սահմաններուն «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոնէն ոստիկանութեան կեդրոնական բաժին ահազանգ ստացուած է, որ Երեւանի 1-03 շտապօգնութեան բժիշկները «ձախ թոքի վնասուածք, թիկունքի շրջանի ծակած վէրք, ձախ թիկունքի, թիկունք շրջանի ծակած վէրք, ձախ թիկունքի վնասուածք» ախտորոշմամբ իրենց մօտ տեղափոխած են տղայ մը։ Հիւանդանոց մեկնած են ոստիկանութեան կեդրոնական բաժնի խումբը։

Ոստիկանները պարզած են, որ վիրաւորը Երեւան քաղաքի բնակիչ՝ 16-ամեայ Արտակ Բ․-ն է, ու մինչ բժիշկները կը պայքարէին վիրաւորի կեանքի համար, Կեդրոնի ոստիկանները ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան քրէական հետախուզութեան բաժնի իրենց գործընկերներուն հետ պարզած են, որ վիրաւորը հիւանդանոց տեղափոխուած է Փուշկինի փողոցի 31 շէնքի բակէն, ուր Երեւանի բնակիչ՝ իր հասակակից ընկերոջ, Վիթալի Ա․-ի հետ վիճաբանութեան ժամանակ անյայտ անձը իր մօտ եղած սուր կտրող-ծակող առարկայով հարուածած է Արտակ Բ․-ն՝ պատճառելով մարմնական վնասուածքներ։ Աղբիւրի տեղեկութիւններով՝ նոյն օրը ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան ՊՊԾ գունդի ծառայողները Մաշտոցի պողոտայէն մարմնական վնասուածքներ պատճառելու կասկածանքով ոստիկանութեան կեդրոնական բաժին բերման ենթարկած են Երեւանի բնակիչներ՝ 15-ամեայ Հրանտ Պ․-ն, 17-ամեայ Սուրէն Ս․-ին, 17-ամեայ Սերկէյ Դ․-ն, 15-ամեայ Քրիսթ Գ․-ն, 16-ամեայ Էտմոն Հ․-ն, 16-ամեայ Ռոպերթ Գ․-ն, 17-ամեայ Արսէն Ղ․-ն եւ 16-ամեայ Էրիք ․Ն-ն։ Ժամեր անց ոստիկանութեան կեդրոնական բաժնի քրէական հետախուզութեան եւ անչափահասներու գործերով բաժանմունքներու ծառայողները դարձեալ Բաղրամեան պողոտայի շէնքերէն մէկուն բակէն ոստիկանութեան կեդրոնական բաժին բերման ենթարկած են Երեւանի բնակիչներ Վիթալի Ա․-ն, 16-ամեայ Արսէն Ա․-ն, իսկ որոշ ժամանակ անց բացատրական աշխատանքներու հետեւանքով կեդրոնի ոստիկանութիւն ինքնակամ ներկայացած է Երեւանի բնակիչ՝ 18-ամեայ Դաւիթ Մ․-ն։ Ոստիկանները պարզած են, որ նոյն օրը, ժամը 18։00-ի սահմաններուն Փուշկինի փողոցի 31 շէնքի բակին մէջ անձնական հարցերու շուրջ վիճաբանութիւն առաջացած է Արտակ Բ․-ի, Վիթալի Ա․-ի, Էրիք Ն․-ի, Ռոպերթ Գ․-ի, Արսէն Դ․-ի, Արսէն Ա․-ի, Դաւիթ Մ․-ի, 15-ամեայ Ռուտիք Ն․-ի, 15-ամեայ Մհեր Ջ․-ի միջեւ։