image

«Եղածը Վանտալիզմ է» Վարչապետի խօսնակը քննդատեց Շահէն Յարութիւնեանի քայլը

«Եղածը Վանտալիզմ է» Վարչապետի խօսնակը քննդատեց Շահէն Յարութիւնեանի քայլը

Վանտալիզմի դրսեւորումները տեղ պէտք է չունենան մեր հասարակութեան մէջ։ Այդ մասին «Արմէբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է ՀՀ վարչապետի մամուլի քարտուղար Վլատիմիր Կարապետեանը՝ անդրադառնալով Երեւանի մէջ Ալեքսանտր Կրիպոյետովի արձանի վրայ ներկ լեցնելու դէպքին։

«Կը դատապարտենք տեղի ունեցածը։ Վանտալիզմի նման դրսեւորումները տեղ պէտք է չունենան մեր հասարակութեան մէջ։ Ոստիկանութիւնը կ'իրականացնէ հետաքննութիւն, արդիւնքներու մասին յառաջիկային հանրութիւնը կը տեղեկացուի»,- ընդգծած է Վլատիմիր Կարապետեանը։

 

Յիշեցնենք, որ երէկ Շանթ Յարութիւնեանի որդին՝ Շահէն Յարութիւնեան կարմիր ներկ թափած էր ռուս գրող Ալեքսանտր Կրիպոյետովի արձանին վրայ:
Ան իր դիմատետրի էջին մասնաւորապէս գրած էր՝

 

«Ուշադրութիւն։ Քիչ առաջ կարմիրով ներկեցի Ռուսական կայսրութեան դեսպան, գրող Կրիպոյետովի արձանը՝ ի պատասխան Նժդեհի յուշատախտակի ներկման»։

 

Նշեն, որ ռուսազգի ռուս թատերագիր, բանաստեղծ, դիւանագէտ՝ Ալեքսանտր Կրիպոյետով յայտնի էր իր հայանպաստ կեցուածքներով։