image

Թրքական մամուլն արձագանգած է Հայաստանի վրայ յարձակման ծրագրի բացայայտումներուն

Թրքական մամուլն արձագանգած է Հայաստանի վրայ յարձակման ծրագրի բացայայտումներուն

Շուէտի մէջ գրանցուած «Nordic monitor» կայքը հրապարակած էր յօդուած այն մասին, որ Թուրքիան Հայաստանի դէմ ռազմաօդային գործողութիւններու ծրագիր մշակած է, որ կը կրէ «ALTAY» ծածկագիրը։ Այս մասին կը յայտնէ «Eermenihaber.am»-ը:

Շուէտի մէջ գործող այս կայքը կը համակարգեն թուրք լրագրողները։ Ընդ որում անոնք բոլորն ալ կը համարուին «Ֆեթհուլլահական ահաբեկչական կազմակերպութեան» (FETÖ) անդամներ։

Թրքական իշխանամէտ մամուլը անդրադարձած է այդ հրապարակման՝ նշեալ տեղեկութիւնները հրապարակող լրագրողները անուանելով դաւաճաններ, որոնք կը մատնեն Թուրքիան եւ կը գործեն պետական շահի դէմ։

Ուշագրաւ է այն հանգամանքը, որ իշխանական մամուլը ոչ թէ կը հերքէ «ALTAY» ծածկանուամբ Հայաստանի դէմ ռազմական արշաւի ծրագրի առկայութիւնը եւ կասկածի տակ կ'առնէ նման ծրագրի գոյութիւնն ընդհանրապէս, այլ այն հրապարակողները կը մեղադրէ պետական դաւաճանութեան մէջ։

Թրքական մամուլը նոյնպէս կ'ընդգծէ այդ տեղեկութիւնը հրապարակողներու՝ կիւլէնական շարժման անդամ ըլլալու հանգամանքը եւ կ'անդրադառնայ Հայաստանի ու Յունաստանի արձագանգներուն։

Յունական մամուլին մէջ տեղ գտած մեկնաբանութիւններուն մէջ կան այնպիսի տեսակէտներ, ըստ որոնց՝ Սուրիայէն ետք չի բացառուիր, որ Թուրքիան հայեացքը ուղղէ դէպի Հայաստան։