image

Վրաստանի մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի պիտի ունենան

Վրաստանի մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի պիտի ունենան

Վրաստանի մէջ ընդդիմադիր «Նոր Վրաստան» կուսակցութեան ղեկավար Կեորկի Վաշաձէն յայտարարած է, որ Վրաստանի միացեալ ընդդիմութիւնը մտադիր է բողոքի ցոյցեր իրականացնել երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ netgazeti.ge կայքը:

Կը նշուի, որ ցոյցերը պիտի սկսին այս շաբաթ Քութաիսի քաղաքէն:

Վաշաձէի խօսքով՝ մինչեւ երկրի շրջաններուն մէջ ցոյցերու մեկնարկը, իրենք ցուցարարներուն հետ անգամ մը եւս պիտի փորձեն շրջափակել խորհրդարանը:

Աւելի վաղ վրացական ոստիկանութիւնը յատուկ գործողութիւն իրականացուցած էր խորհրդարանի մօտ, որպէսզի հեռացնէ ցուցարարները մուտքերու մօտէն: Վրացական ոստիկանութեան յատուկջոկատայինները ջրցան մեքենայ օգտագործած էին, որու շնորհիւ բացած էին խորհրդարանի բոլոր մուտքերն ու խորհրդարանին կից փողոցները փակած՝ հանրակառքերով: Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուցած էր 3 տուժածի եւ 28 բերման ենթարկուածի մասին: