image

Փութին ժպտալով պարգեւատրեց հայազգի Չիլինկարովը

Փութին  ժպտալով պարգեւատրեց հայազգի Չիլինկարովը

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը II աստիճանի շքանշան յանձնած է խորհրդային մեծանուն գիտնական, բեւեռախոյզ, Պետդումայի պատգամաւոր Արթուր Չիլինկարովին՝ «հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար»:

Այս մասին կը հաղորդէ «Ռիա Նովոսթի»-ն՝ նկատելով, որ Չիլինկարովը ստիպած է Փութինին ծիծաղիլ՝ շփօթելով տեղերն ու պատահաբար կանգնելով անոր ամպիոնի մօտ:

«Դեռ շուտ է»,- լսուած է ունկնդիրներու շարքէն, որուն ի պատասխան Չիլինկարովն ըսած է. «Մեզի համար դեռ շուտ է»:  

«Պէտք է աւելի ուշադիր ըլլալ արդէն»,-կատակած է Փութինը:

«Ես կը շարունակեմ բեւեռախոյզ ըլլալ: Յետագային ալ կ'ընենք ամէն ինչ, որ Ռուսաստանը շարունակէ մնալ մեծ ծովային գերտերութիւն»,- ելոյթին մէջ նշած է Չիլինկարովը:


 Embedded video