image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկացի ծերակուտական՝ Տեյվիտ Փերտիւն խափանեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգի քննարկումը

Ամերիկացի ծերակուտական՝ Տեյվիտ Փերտիւն խափանեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգի քննարկումը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը տեղեկացուցած է, որ ամերիկացի ծերակուտական Տեյվիտ  Փերտիւն, որ կը ներկայացնէ Ճորճիա նահանգը, արգելափակած է Ծերակոյտի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի (S.Res.152) քուէարկութիւնը: Ծերակուտականը իր որոշումը պատճառաբանած է՝ ըսելով, որ այդ օրէնսդրութեան կողմէ քննարկուելիք հարց չէ:

Յիշեցնենք, որ 13 նոյեմբերին տեղի ունեցած Էրտողան-Թրամբ հանդիպումէն ետք հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրեհըմը, որ նոյնպէս ներկայ էր այդ հանդիպման, Ծերակոյտի մէջ վեթօ կիրառած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին: