image

Իրանի մէջ իրավիճակը կը խաղաղի. Վարդան Ոսկանեան

Իրանի մէջ իրավիճակը կը խաղաղի. Վարդան Ոսկանեան

Իրանի մէջ 19 նոյեմբերին, արդէն իրավիճակը հանդարտած եւ կառավարելի դարձած է, անհանգստացնող տեղեկութիւններ չկան։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է իրանագէտ Վարդան Ոսկանեանը։

Նշենք, որ Իրանի մէջ անցեալ շաբթուան վերջը պենզինի գիներու բարձրացման դէմ բողոքի ցոյցեր սկսած էին: Ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ ձերբակալուած է մօտ 1000 մարդ:

«Յստակօրէն պէտք է տարանջատենք բողոքի գործողութիւններու մասնակիցները՝ անկարգութիւն հրահրողներէն։ Եղած են անկարգութիւն հրահրողներ, որոնք վնաս հասցուցած են քաղաքացիներուն եւ պետական գոյքին։ Իրանի պաշտօնական  տուեալներով՝ այդ ողջ գործընթացին մասնակցած է մօտ 90 հազար մարդ՝ տարբեր քաղաքներու մէջ, իսկ 80 միլիոնէն աւելի բնակչութիւն ունեցող երկրի համար այդ մէկը չնչին թիւ է։ Այսինքն՝ զանգուածի առումով ալ այդքան մեծ թուաքանակ չէ ապահովուած»։

Ոսկանեանը նշած է, որ Իրանի մէջ ընկերային բողոքի հիմքեր կան. «Բողոքի դուրս եկածներն այդ պահանջով՝ իրաւացի են, քանի որ տնտեսական վիճակի որոշակի վատթարացում եղած է։ Այդ խնդիրը կ'ընդունի նաեւ Իրանի կառավարութիւնը»։

Ըստ Վարդան Ոսկանեանի՝ Իրանի մէջ տեղի ունեցող ցոյցերուն քաղաքական երանգ հաղորդելու փորձեր կ'ըլլան.

«Հիմնական արտասահմանեան լրատուամիջոցներու կողմէ կը տարուի հակաիրանական բնոյթ կրող քարոզչութիւն։ Այդ քարոզչութիւնն աւելի վտանգաւոր է, երբ կ'իրականացուի  Իրանի հանդէպ թշնամական տրամադրուածութիւն ունեցող որոշ երկիրներու կողմէ, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանէն, անոնք կը փորձեն ցուցարարներու մէջ ազգայի  տարանջատում մտցնել՝ խօսելով Թաւրիզի կամ քիւրտերու շրջանին զոհերու մասին, ինչն իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունի։ Առաջին հերթին շահագրգռուած է Միացեալ նահանգները՝ օգտագործել ցանկացած բողոքի գործողութիւն Իրանի մէջ վարչակարգի փոփոխութեան համար։ Տարածաշրջանին մէջ եւս Իրանն ունի ախոյեաններ, խօսքը Սէուտական Արաբիոյ, Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի մասին է»։