image

Երեւան. «Մեծ Հայք» հարսանեաց սրահին մէջ ծեծկռտուք

Երեւան. «Մեծ Հայք» հարսանեաց սրահին մէջ ծեծկռտուք

Ոստիկանութեան Վարդենիսի բաժնի հետաքննչական բաժանմունքէն ներս նիւթեր կը նախապատրաստուին 16 նոյեմբերին «Մեծ Հայք» հարսանեաց սրահին մէջ տեղի ունեցած ծեծկռտուքի փաստով։ Այս մասին կը յայտնէ SHAMSHYAN.com-ը:

Ժամը 01։50-ի սահմաններուն հիւանդանոցէն ոստիկանութեան ահազանգ տրուած է, որ «աջ վերհոնքային եւ ստորին շրթունքի շրջանի պատռուած վէրքեր» ախտորոշմամբ իրենց մօտ տեղափոխուած է քաղաքացի մը:

Ոստիկանները պարզած են՝ վիրաւորը կը հանդիսանայ Գեղարքունիքի մարզի Ծովակ գիւղի բնակիչ՝ 48-ամեայ Համլէթ Սարգսեանը։ Մինչ բժիշկներն օգնութիւն կը ցուցաբերէին վիրաւորին, Վարդենիսի ոստիկանները պարզած են, որ 16 նոյեմբերին Գեղարքունիքի մարզի Լիճք գիւղին մէջ գտնուող «Մեծ Հայք» հարսանեաց սրահին մէջ հարսանեկան արարողութեան աւարտին Ծովակ գիւղի բնակիչներ՝ 27-ամեայ Վահէ Յակոբեանը, 28-ամեայ Ատոմ Յակոբեանը եւ 54-ամեայ Գագիկ Յակոբեանը դեռ անյայտ հանգամանքներու տակ ծեծի ենթարկած են հիւանդանոց տեղափոխուած Հ. Սարգսեանի թոռնիկին՝ Գուրգէն Սարգսեանին եւ որդիին՝ Համլէթ Սարգսեանին։