image

Դատարանը մերժած է պոլսահայ աքթիւիսթին դէմ բացուած դատը

Դատարանը  մերժած է   պոլսահայ աքթիւիսթին դէմ  բացուած դատը

Թրքական դատարանը հրաժարած է վարոյթ ընդունիլ պոլսահայ աքթիւիսթ, իրաւապաշտպան Արլեթ Նաթալի Աւազեանի դէմ ներկայացած դատական հայցը։

Այս մասին յայտնած է Նաթալի Աւազեանը. «Դատարանը հրաժարած է վարոյթ ընդունիլ ԱԳ նախարարի՝ իմ դէմ ներկայացուցած «ժողովուդրին ատելութեան եւ թշանամքի հրահրելու» մեղադրանքով հայցը»:

Նշենք, որ Նաթալի Աւազեանը մէկ ամիս առաջ ձերբակալուած էր Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի բողոքի հիման վրայ, սակայն ստորագրութեամբ ազատ արձակուած էր։

Նաթալի Աւազեանը «հանդգնած էր» Twitter–ի էջին գրել, որ Մեւլութ Չաւուշօղլուի պապերուն Անթալիայի մէջ կ'անուանէին քիւրտ գողեր։