image

Նոր Հաճընոյ մէջ տխուր պատահարին զոհ գացածներուն մէջ կան պարմանուհի մարզիկներ

Նոր Հաճընոյ մէջ տխուր պատահարին զոհ գացածներուն մէջ կան պարմանուհի մարզիկներ

Նոր Հաճնոյ մէջ մահացած երեխաներէն 2-ը «Արարատ» ֆութպոլային ակումբի կանանց խումբի անդամ էին: Այս մասին կը յայտնեն ֆութպոլային ակումբի ֆէյսպուքեան էջէն:

«Խոր վիշտով տեղեկացանք, որ 16 նոյեմբերին խոհանոցին մէջ տեղադրուած կազի կաթսայէն առաջացած շմոլ կազէն մահացած են 77-ամեայ Ժաննա Սիմոնեանը եւ անոր չորս թոռնիկերը:

«Արարատ» ՖԱ-ն իր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ մահացած ընտանիքի հարազատներուն եւ բարեկամներուն»,- գրուած է էջին մէջ:

Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ Կոտայքի մարզին մէջ, 16 նոյեմբերին, դաժան ու ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է. ժամը 13:00-ի սահմաններուն, ոստիկանութեան Կոտայքի մարզային վարչութիւն ահազանգ ստացուած է, որ Աբովեանի բժիշկներու հերթապահ խումբը կանչով մեկնած է Նոր-Հաճն քաղաքի Իսահակեան փողոցի 2-րդ շէնքի 11 բնակարան, ուր յայտնաբերած են 5 քաղաքացիի դի:

Ոստիկաններն ու քննիչները նշուած տան մէջ յայտնաբերած են այդ տան բնակիչներ, 77-ամեայ Ժաննա Սիմոնեանի, 16-ամեայ Էտուարտ Մ.-ի, 12-ամեայ Սերինէ Մ.-ի, 15-ամեայ Տիգրան Ս.-ի եւ 14-ամեայ Ժաննա Մ.-ի դիերը:

Ըստ նախնական տեղեկութիւններու, անոնք մահացած են խոհանոցին մէջ տեղադրուած կազի կաթսայէն առաջացած շմոլ կազէն: