image

Ցոյցերու սկիզբէն ի վեր ամէնօրեայ դրութեամբ 120 միլիոն տոլարի վնաս Լիբանանին

Ցոյցերու սկիզբէն  ի վեր  ամէնօրեայ   դրութեամբ 120  միլիոն  տոլարի վնաս  Լիբանանին

Ցոյցերու սկիզբէն  ի վեր  ամէնօրեայ   դրութեամբ 120  միլիոն  տոլարի վնաս  Լ   Այսօր  իր լրումին կը հասնի  Լիբանանի բողոքի  ցոյցերուն   30-րդ   օրը՝  միամսեակը։

  Ցոյցերու առաջին փուլին ամբողջութեամբ  անդամալուծուած   եւ  աւելի ուշ    մասամբ  անդամալուծուած  երկիրը  ամէնօրեայ  ձեւով  տնտեսական մեծ վնասներու կ՚ենթարկուի։ 

 Այս  մասին կարեւոր  տուեալներ ներկայացուցած է    լիբանանցի   տնտեսագէտ Ուալիտ  Ապու Սլայմանը, նշելով, որ ցոյցերու սկիզբէն  ի վեր   երկիրը ամէնօրեայ դրութեամբ կը կրէ      120 միլիոն  ամն տոլարի   վնաս  եւ  ընդհանուր  առմամբ այդ  վնասներու ծաւալը  հասած է  56  միլիառ  ամն    տոլարի։

 

 Նշենք, որ    հակառակ  անոր, որ   ցոյցի   ալիքը նօսրացած է, երկրի  տարբեր ոլորտներ ՝ առողջապահական, նաւթի  մատակարարման, հացի  եւ այլ  ոլորտներ  սկսած են յայտնուիլ   մտահոգիչ   վիճակի  մը մէջ։