Թրքական «Ֆաթիհ» հորատիչ նաւը սկսած է Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիին մէջ անօրինական հորատումը՝ հակառակ ԵՄ-ի կողմէ պատժամիջոցներու սպառնալիքին, կը հաղորդէ ՌԻԱ Նովոսթին:
Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքտայը:
««Ֆաթիհ» հորատիչ նաւն աւարտած է հետախուզումն ու նոր առաքելութիւն սկսած է Կիպրոսի մէջ Կապրաս թերակղզիէն դէպի հարաւ»,- ըսած է ան:
Ան նշած է, որ ԵՄ պատժամիջոցները չեն ազդեր Անգարայի ծրագիրներուն վրայ:
Աւելի վաղ Կիպրոսի կառավարութիւնը վճռականօրէն դատապարտած է Կիպրոսի Հանրապետութեան բացառիկ տնտեսական գօտիի եւ ափամերձ ծանծաղուտի սահմաններուն նոր հորատում կատարելու Թուրքիոյ ծրագիրները:
Շաբթուայ սկիզբին Եւրոմիութեան խորհուրդը հաւանութիւն տուած է սահմանափակող միջոցներու շրջանակային գործիքին՝ ի պատասխան Արեւելեան Միջերկրականի մէջ Թուրքիոյ չարտօնուած հորատման: Այդ շրջանակները թոյլ կու տան պատժամիջոցներ կիրառել ֆիզիքական կամ իրաւական անձանց նկատմամբ, որոնք պատասխանատու են Արեւելեան Միջերկրականին մէջ ածխաջրածիններու չարտօնուած հորատման համար: