image

Հարվըրտի համալսարանի ուսանողները կը խոօսին արեւմտահայերէն, կ'արտասանեն Թէքէեան. Տեսանիւթ

Հարվըրտի համալսարանի ուսանողները կը խոօսին արեւմտահայերէն, կ'արտասանեն Թէքէեան. Տեսանիւթ

ԱՄՆ Հարվըրտի համալսարանի ուսանողները դասախօս Լիսա Կիւլեսէրեանի դասաւանդութեան շնորհիւ սորված են տարրական արեւմտահայերէն: Անոնց մէջ կան հայեր, որոնք հանգամանքներու բերումով մոռցած են մայրենին, կան նաեւ օտարազգիներ, որոնք հաճոյքով սորված են արեւմտահայերէնով հաղորդակցուիլ, արտասանել Թէքէեանի՝ հայերէնին նուիրուած բանաստեղծութիւնը: