image

16 տարուան անպտղութենէ ետք հայուհին մայր դարձած է

16 տարուան անպտղութենէ ետք հայուհին մայր դարձած է

35-ամեայ Նազելի Պետրոսեանը 16 տարի շարունակ երեխայ ունենալու մասին կ'երազէր։ Օրեր առաջ անոր երազանքը, վերջապէս, իրականացաւ․ լոյս աշխարհ եկաւ փոքրիկ Գոհարիկը։

Տարիներու ընթացքին Նազելին բազմաթիւ բուժումներ ստացած էր, սակայն ցանկալի արդիւնքի չէր կրցած հասնիլ։ Ճիշդ մէկ տարի առաջ ան դիմած էր «Շէնգաւիթ» ԲԿ-ի «Մարդու վերարտադրողական առողջութեան կեդրոն»՝ կնոջաբան-վերարտադրողաբան Մարկարիթա Գրիգորեանին: Շարք մը համալիր հետազօտութիւններ, որոշակի բուժման փուլ անցնելէ ետք ի վերջոյ, արտամարմնային բեղմնաւորման (ԱՄԲ) շնորհիւ Նազելիի մօտ գրանցուած է երկար սպասուած յղիութիւնը: 

Երկարատեւ անպտղութեան հետեւանքով վտանգներ միշտ ալ կ'ըլլան, եւ հակառակ մեծ ռիսքին՝ յղիութիւնը հնարաւոր եղած է պահպանել մինչեւ 39 շաբաթ: Քանի որ անդրձայնային հետազօտութեան արդիւնքով պարզուած էր, որ պտուղը յետույքային առաջադիմութեան է, 39-րդ շաբաթը որոշուած է կատարել սեզարեան հատում:

Որպէս արդիւնք՝ ծնած է Գոհարիկը՝ բացարձակապէս առողջ: Մայրը եւ երկար սպասուած երեխան դուրս եկած են հիւանդանոցէն եւ արդէն տունն են։