image

Հայաստանցի բժիշկը Սուրիոյ մէջ ե՛ւ մօր ե՛ւ նորածինի կեանքը փրկած է

Հայաստանցի բժիշկը Սուրիոյ մէջ ե՛ւ մօր ե՛ւ նորածինի կեանքը փրկած է

Սուրիոյ մէջ մարդասիրական Առաքելութիւն իրականացնող խումբի հայ բժիշկներէն մէկը Հալէպի զինուորական հիւանդանոցին մէջ ծննդկանի ու նորածինի կեանքը փրկած է:

Ինչպէս կը յայտնէ Մարդասիրական կանազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնի հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Նազելի Էլբակեան, կեսարեան բարեյաջող գործողութենէն ետք մայրն ու փոքրիկը շատ լաւ են: Սուրիացի ընտանիքին մէջ արու զաւակ լոյս աշխարհ եկած է:

Հալէպի զինուորական հիւանդանոցի բժիշկները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են հայ բժիշկին` իրականացուցած վիրահատութեան համար: Հայկական մարդասիրական խումբի բժիշկներուն տարբեր առողջական խնդիրներ ունեցող մարդիկ կը դիմեն:

Փետրուարէն առ այսօր հայ մասնագէտները աւելի քան 6550 քաղաքացիի աջակցած են: Անոնք իրենց ամենօրեայ աշխատանքով ու արձանագրած արդիւնքներով կ՛ապացուցանեն առաքելութեան կարեւորութիւնը, իսկ սուրիական կողմէ անընդհատ հնչող երախտագիտութեան խօսքերը առաքելութեան անհրաժեշտութեան վկայութիւնն են: