image

Մետւետեւի որդւոյն ընկերուհին հայուհի է

Մետւետեւի որդւոյն ընկերուհին հայուհի է

Ռուսական «403 press» Telegram ալիքը մանրամասներ յայտնած է ՌԴ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի 24-ամեայ որդիի՝ Իլիա Մետվետեւի անձնական կեանքի մասին:

Ալիքի տեղեկութիւններով՝ Իլիա Մետվետեւը կը հանդիպի Մոսկուայի պետական համալսարանի Ասիոյ եւ Ափրիկէի երկիրներու հիմնարկի 25-ամեայ ուսանողուհի Եանա Գրիգորեանի հետ, որուն ան արդէն ծանօթացուցած է իր ընտանիքի անդամներուն:

«Վարչապետի որդին իր ընկերուհիին մէկ տարի առաջ ծանօթացուցած է իր մօր՝ Սվեթլանայի հետ: Անոնք երեքով ներկայ գտնուած են 2018-ի Սեպտեմբերին Սոչիի մէջ «Նոր ալիք» երաժշտական փառատօնին»,- գրած է ալիքը:

Կը հաղորդուի, որ Եանա Գրիգորեանը ոչ յայտնի ընտանիքէ է: 2016-ին ան տիպլոմային աշխատանք պաշտպանած է «Միջինիրանական փոխառուած բառապաշարի խնդիրը հայերէնի մէջ» թեմայով: Ան նաեւ մասնակցած է իր բուհին մէջ Հայ գիրերու օրուան նուիրուած հանդիսաւոր միջոցառման: