image
Հրատապ լուրեր:

Հայ Դատի երիտասարդները բողոքի ցոյցերով պիտի դիմաւորեն Էրտողանը

Հայ Դատի երիտասարդները բողոքի ցոյցերով պիտի դիմաւորեն Էրտողանը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը իր կողմնակիցներուն կոչ ըրած է միանալու բողոքի ցոյցին  Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի եւ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի հանդիպումէն առաջ, որ տեղի պիտի ունենայ  13 նոյեմբերին Սպիտակ տան առջեւ, կը տեղեկացնէ Ahval News-ը։

Բողոքողները պիտի հաւաքուին Սպիտակ տան մօտ, Լաֆայեթ պուրակին մէջ, նշուած է Հայ դատի յանձնախումբի Թուիթըրի յայտարարութեան մէջ։

Յիշեցնենք, որ Էրտողանը Ուաշինկթըն պիտի մեկնի չորեքշաբթի, որպէսզի Տանըլտ Թրամբի հետ քննարկէ ընթացիկ իրավիճակը Սուրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հարցեր։

Աւելի վաղ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած էր բանաձեւ, որ կը ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնն Օսմանեան կայսրութեան մէջ։