image

ԱՄՆ կը շարունակէ սպառնալ Էրտողանին

ԱՄՆ կը շարունակէ սպառնալ Էրտողանին

ԱՄՆ-ն կը սպառնայ պատժամիջոցներ սահմանել Թուրքիոյ դէմ ռուսական С-400 հակահրթիռային համակարգերու գնման պատճառով: Ինչպէս կը փոխանցէ РИА Новости-ն, այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ռոպըրթ Օ'Պրայանը:

Վերջինս նշած է, որ ռուսական համակարգերու գնման անթոյլատրելիութեան մասին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանին պիտի յիշեցնէ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբը, երբ Էրտողան յաջորդ շաբաթ այցով ժամանէ Ուաշինկթըն:

«Մենք շատ դժգոհ էինք անկէ»,- շեշտած է Օ'Պրայանը՝ մեկնաբանելով ռուսական ՀՕՊ համակարգերու ձեռքբերումը:

«Եթէ Թուրքիան չազատի С-400-ներէն, հաւանական է, որ պատժամիջոցներն անցնին Քոնկրէսին մէջ, եւ Թուրքիան պիտի զգայ այդ պատժամիջոցներու հետեւանքները: Մենք այդ մասին յայտնած ենք Էրտողանին: ՆԱԹՕ-ի մէջ տեղ չկայ С-400-ներու համար: Նախագահ Թրամբը այդ պիտի յայտնէ Էրտողանին, երբ ան այստեղ գայ»,- աւելցուցած է ամերիկացի պաշտօնեան: