image

Շարմ Ալ Շէյխի մէջ ծնած հայ երեխան յանձնելու համար հիւանդանոցները կը պահանջեն 3500 տոլար

Շարմ Ալ Շէյխի մէջ ծնած հայ երեխան յանձնելու համար հիւանդանոցները կը պահանջեն 3500 տոլար

Եգիպտոսի Շարմ Ալ Շէյխ հանգիստի մեկնած ամուսիններ՝ Նարեկ եւ Լիլիթ Յովհաննիսեանները ահազանգած են MAMUL.am-ի խմբագրութիւն՝ տեղեկացնելով, որ յայտնուած են անելանելի վիճակի մէջ. «Ես ու կինս հիմա Շարմ Ալ Շէյխ ենք: Վայրէջքի ժամանակ 30 շաբաթական (7 ամսական) յղի կինս մէկանգամէն վատացաւ եւ հիւրանոցէն անմիջապէս շտապօգնութիւնով տեղափոխեցին հիւանդանոց, եւ քանի որ իր ուժերով չէր կրնար ծննդաբերել, ուստի սեզարեան հատում ըրին: Երեխան 2 քկ ծնած է, անոր հետ ամէն ինչ բնական է, բայց բժիշկները կ'ըսեն որ 3500 ԱՄՆ տոլար պէտք է վճարենք, որպէսզի թոյլ տան վերադառնանք: Այսինքն՝ քանի դեռ չենք վճրած  նշուած գումարը, չենք կրնար երեխային վերցնել եւ Հայաստան գալ»,- տեղեկացուցած է Նարեկ Յովհաննիսեանը:

Լիլիթ Յովհաննիսեանն ալ նշած է, որ սկիզբէն հիւանդանոցէն իրենցմէ 5000 ԱՄՆ տոլար պահանջած են, եւ քանի որ իրենք այդքան գումար չեն ունեցած՝ դիմած են Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպանատուն, որպէսզի օգնութիւն ցուցաբերուի: «Դեսպանատան միջամտութեամբ 5000 տոլարը նուազեցուած է 3500-ի, սակայն խնդիրն այն է, որ մենք այդ գումարը եւս չունինք»,- ըսած էր ան՝ խնդրելով որեւէ միջոց ձեռնարկել իրենց օգնելու համար:

MAMUL.am-ի թղթակիցը դիմած է ՀՀ ԱԳՆ-ին՝ պարզելու համար, թէ խնդրի լուծման ի՞նչ տարբերակներ կան:

ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեանը ըսած է, որ կը խօսի դեսպանի հետ:

Ամուսիններու խօսքով՝ Շարմ Ալ Շէյխ հանգիստի մեկնիլը ծրագրուած չէ եղած, քանզի տոմսերը շահած են խաղարկութեամբ: