image
Հրատապ լուրեր:

Օդանաւի վրայ ՀՀ քաղաքացի ձերբակալած են. Պատճառը ծխելն է

Օդանաւի վրայ ՀՀ քաղաքացի ձերբակալած են. Պատճառը ծխելն է

Քալինինկրատի օդակայանին մէջ ոստիկանները ձերբակալած են Մոսկուա-Քալինինկրատ թռիչքի ուղեւորներէն մէկը, որ օդանաւին մէջ ելեկտրոնային ծխախոտ օգտագործած է: «ՀՀ քաղաքացին օդանաւին մէջ ելեկտրոնային ծխախոտ օգտագործած է»,- կը հաղորդէ Ren TV-ն:

Ռուսական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ ձերբակալուած ՀՀ քաղաքացին կը բնակի Սոչի:

Անոր տեղափոխած են հերթապահ մաս, ուր վարչական արձանագրութիւն կազմուած է ՌԴ ՎԻՎՕ 11.17 յօդուածի 6-րդ մասով (Քաղաքացիներու կողմէ երկաթուղային, օդային կամ ջրային փոխադրամիջոցներու վարքագիծի կանոններու խախտում): Յօդուածը կը նախատեսէ տուգանք կամ վարչական կալանք մինչեւ 50 օր ժամկէտով: