Պատկերասրահին մէջ գործող Նարեկ Վան Աշուղաթոյեանի «Փրկեալ ձեռագործք հայոց» ցուցադրութեան երեք սրբիչներ կ'առանձնանան իրենց հորինուածքով եւ ներկայացմամբ։ Ուսումնասիրողներու կարծիքով, անոնք ստեղծուած են մասնագիտացուած արուեստանոցներու մէջ եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, Կեսարիոյ մէջ։ Այդ մասին կը վկայեն, Կեսարիոյ մէջ ստեղծուած այլ ասեղնագործ նմուշներու հետ համեմատութիւնները։ Կեսարիա Փոքր Ասիոյ Կապադովկիա (ներկայիս խոշոր քաղաք է Թուրքիոյ մէջ՝ անուան աղաւաղուած Կայսերի տարբերակով) հնագոյն բնակավայրերէն է, որ մշակութային սերտ կապեր ունեցած է Հայաստանի հետ: Հայերը այստեղ հինէն բնակութիւն հաստատած են, սակայն 1915 թուականին թրքական իշխանութիւնները Կեսարիոյ բազմահազար հայերը բռնութեամբ տեղահանած եւ մեծ մասին կոտորած են։
Կեսարիոյ մէջ ստեղծուած այդ սրբիչները ցուցադրութեան լաւագոյն նմուշներէն են, որոնք ծածկուած են ասեղնագործ գոյնզգոյն ծաղիկներով: Մանր կարերով խիտ հիւսուածքի համադրութիւններուն ալ աւելի հարուստ տեսք կը հաղորդէ ընդհանուր հորինուածքը լրացնող ոսկեթելը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են նաեւ բացառիկ ձեռագործ այլ աշխատանքներ՝ հայոց հին բնակավայրերէն:
Ցուցադրութիւնը բացուած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ եւ պիտի գործէ մինչեւ 23 նոյեմբեր:
Ցուցահանդէսի համադրող՝ ՀԱՊ Տեքորաթիւ-կիրառական բաժնի վարիչ Սաթենիկ Չուգասզեան: