ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան աջակցութեամբ, Երեւանի մէջ ներկայացուած է Շառլ Ազնաւուրին նուիրուած` Այիտա Ազնաւուր-Կարվարենցի «Փոքր եղբայր» ինքնակենսագրական գիրքին հիման վրայ ստեղծուած «Աղբարիկս․ Ազնաւուրներու ոդիսականը» թատերերգութիւնը:
Արուեստագէտներու զաւակներ Աիտան եւ Շառլը եղած են բեմի խենթ սիրահարներ, ներկայացումը կը պատմէ փոքր բեմէն մինչեւ մեծ բեմեր Ազնաւուրի անցած ճանապարհի ու Ազնաւուրներու կեանքի մասին:
Այն պիտի ներկայացուի նաեւ Գիւմրիի Վ. Աճեմեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնին մէջ՝ 24 հոկտեմբերին եւ Գորիսի Վ. Վաղարշեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնին մէջ՝ 26 հոկտեմբերին:
Բեմադրիչ` Կայետան Վասար, համագործակցութեամբ` Լոռ Ռոլտանի: Հեղինակներ` Լոռ Ռոլտան, Գայետան Վասար, Արմէն Վերդեան: Թարգմանիչ` Արմէն Բաղդասարեան: Բեմադրութեան գաղափարը` Արմէն Վերդեանի եւ Լոռ Ռոլտանի: Դերակատարութիւնը` Լոռ Ռոլդանի եւ Գրիգոր Դաշնակեանի: