image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի մէջ մահացած է 37-ամեայ դատախազ՝ Հեղինէ Պատալեանը

Երեւանի մէջ մահացած է 37-ամեայ դատախազ՝ Հեղինէ Պատալեանը

Ցաւով կը տեղեկացնենք, որ տեւական հիւանդութեան պատճառով 37 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացած է ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան միջազգային-իրաւական համագործակցութեան վարչութեան դատախազ, արդարադատութեան երկրորդ դասի խորհրդական Հեղինէ Սարգիսի Պատալեանը: Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջին գրած է գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեանը։

«Այդ կապակցութեամբ ցաւակցական խօսք յղած է ՀՀ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը.

Նշենք, որ Հեղինէ Պատալեանը  1982-ի ծնունդ էր: Ան Արդարադատութեան նախարարութեան մէջ պաշտօնավարած է նախ որպէս աշխատակազմի իրաւական աքթերու փորձաքննութեան վարչութեան տնտեսական օրէնսդրութեան բաժնի առաջին կարգի մասնագէտ, ապա աշխատակազմի ղեկավարի օգնական, նախարարի տեղակալի օգնական:

2013-ին տեղափոխուած է դատախազութեան համակարգ՝ նախ որպէս ՀՀ գլխաւոր դատախազի տեղակալի օգնական, ապա՝ ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան աշխատակազմի քարտուղարութեան գլխաւոր մասնագետ:

ՀՀ գլխաւոր դատախազի 2018 7 ապրիլի հրամանով նշանակուած էր ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան միջազգային-իրաւական համագործակցութեան վարչութեան դատախազ՝ ստանալով արդարադատութեան երկրորդ դասի խորհրդականի դասային աստիճան:

Ամուսնացած չէր:

Հոգեհանգիստի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 23 հոկտեմբերին՝ ժամը 18.00-ին՝ Նոր-Նորքի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: