image

Կարօ Փայլանի ջանքերով հանուած են Քոնիայի կանգառներու հակաքրիստոնէական գրութիւնները

Կարօ Փայլանի ջանքերով հանուած են Քոնիայի կանգառներու հակաքրիստոնէական գրութիւնները

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը Քոնիայի կանգառներուն մէջ հակաքրիստոնէական գրութիւններով պաստառներու հետ կապուած հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Քոնիայի քաղաքապետարանի պատասխանատուներուն հետ։

Կարօ Փայլանը Twitter–ի իր էջին գրած է. «Խօսեցայ Քոնիայի քաղաքապետարանի պատասխանատուներու հետ։ Հակաքրիստոնէական եւ հակահրէական բովանդակութիւն ունեցող պաստառները հեռացուած են Քոնիայի կանգառներէն։ Կը շարունակենք պայքարը ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ»:

Նշենք, որ Քոնիայի կանգառներուն մմէջ պաստառներ յայտնուած են, ուր գրուած է. «Մի ընկերանաք քրիստոնեաներու ու հրեաներու հետ։  Անոնք իրար բարեկամ են։ Եթէ անոնց հետ ընկեր էք, ուրեմն անոնցմէ էք։ Աստուած ճիշդ ճանապարհ չի տար անիրաւներուն»։