image
Հրատապ լուրեր:

Սողոմոն Թեհլիրեանի որդին Հայաստանին նուիրած է բացառիկ լուսանկարներ եւ փաստաթուղթեր

Սողոմոն Թեհլիրեանի որդին Հայաստանին նուիրած է բացառիկ լուսանկարներ եւ փաստաթուղթեր

Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածնի արխիւը վերջերս հարստացած է նոր ու բացառիկ փաստաթուղթերով: Վրիժառու, հայ ազգային–ազատագրական շարժման գործիչ Սողոմոն Թեհլիրեանի արխիւէն փաստաթուղթեր ու բացառիկ լուսանկարներ  Սողոմոնի 90-ամեայ որդին՝ Զաւէն Թեհլիրեանը Օքլընտի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ մէջ սպասաւորող Տ. Յովել քահանայ Օհանեանի միջոցով նուիրած է Մայր Աթոռի թանգարանին: Այս մասին կը տեղեկանանք «Շողակաթ» հեռուստակայանէն: 

Հայաստան բերուած արխիւին մէջ լուսանկարներ, հազուագիւտ փաստաթուղթեր եւ ցեղասպանութեան զոհ գացած Թեհլիրեաններու ընտանիքին վերաբերող եզակի պատմական նմուշներ կան: Թեհլիրեաններու մեծ ընտանիքէն միայն երեք հոգի փրկուած է: Անոնցմէ Սողոմոն Թեհլիրեանը 1921 թուականին Պերլինի մէջ գնդակահարած է երիտթուրքերու ներքին գործոց նախարար եւ Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչ Թալէաթ փաշան։ Նոյն թուականին կայացած դատավարութեան ժամանակ գերմանական դատարանը անպարտ ճանչցած է անոր: 

 


Սողոմոն Թեհլիրեանը՝ կնոջ հետ

 

Զաւէն Թեհլիրեանը Սողոմոն Թեհլիրեանի կրտսեր որդին է: Ան կը բնակի ԱՄՆ, կը վարէ աշխոյժ կեանք, կը խնամէ վարդերու պարտէզ, ջութակի դասեր կու տայ եւ հրաշալի կը խօսի հայերէն: Զաւէն Թեհլիրեանը Հայաստան չէ եղած: 

 

 


Զաւէն Թեհլիրեանը

 

Զաւէն Թեհլիրեանը՝ Օքլընտի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ սպասավոր Տ. Յովել քահանայ Օհանեանի հետ