image

Հրազդանցի ընտանիքը մեր օգնութեան կարիքն ունի

Հրազդանցի ընտանիքը մեր օգնութեան կարիքն ունի

55-ամեայ Ծաղիկ Ներսիսեանը ընտանիքի հետ կ'ապրի Հրազդանի Միքրոշրջանի տնակային թաղամասին մէջ՝ վակոն տնակի մէջ, սոցիալապէս ծանր պայմաններու մէջ: 5 երեխայ ունի՝ 3 տղայ եւ երկու աղջիկ:

Տղաներէն երկուքը իրենց ընտանիքներուն հետ առանձին կ'ապրին, երրորդ տղան կնոջ եւ երկու անչափահաս փոքրիկներուն հետ՝ իր մօտ:

Տիկին Ծաղիկի խնամքին են նաեւ առողջական խնդիրներ ունեցող երկու աղջիկները: Անոնք՝ 36 եւ 30 տարեկան, էփիլեփսիայէ կը տառապին: Աղջիկներէն մէկը ունի նաեւ այլ հիւանդութիւններ՝ կուրծքի ուռուցք, մանկամտութիւն:

7 հոգինոց ընտանիքը կ'ապրի 1 սենեականոց վակոն տնակի մէջ՝ զրկուած է քոմունալ եւ տարրական այլ պայմաններէ:

Ընտանիքի մայրը  NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ պատմած է, որ նոյնիսկ լոգարան չունին. տնակին մէջ մշտապէս խոնաւութիւն է, առնետները կը վխտան, իսկ անձրեւներու ժամանակ կաթոցքներն կը սկսին:

Անոր խօսքով, խնդիրները այնքան շատ են, որ չեն կրնար ելք գտնել.

«Ապրելու համար զրկուած ենք տարրական պայմաններէն: Մէկ կողմէն աղջիկներուս հիւանդութիւնները, միւս կողմէ անվերջանալի թուացող խնդիրները… Տղաս բանուորութիւն կ'ընէ, որ կարողանանք ծայրը ծայրին հասցնել, բայց այդ ալ միշտ չըլլար: Արդէն ձմեռ կու գայ: Փայտեայ վառարան կ'օգտագործենք, բայց նոյնիսկ չենք կրնար փայտ գնել, որ տաքնանք: Ստիպուած ամբողջ օրը խանութներէն եաշիկներ կը կրենք, կը բերենք, որ վառենք, տաքնանք: Սնունդ եւ այլ անհրաժեշտ բաներ խանութէն պարտքով կը վերցնենք, բայց այնքան պարտք կուտակած ենք, որ տակէն չենք կրնար դուրս գալ»,-պատմած է տիկին Ծաղիկը՝ նշելով, որ պարտքերը միայն խանութներով չեն սահմանափակուիր: Խնդիրներ ունին նաեւ դրամատուներու հետ:

Այս ընտանիքի խնամքին նաեւ երկու անչափահաս երեխաներ կան, որոնց համար վակոն-տնակին մէջ նոյնիսկ խաղալու սեփական անկիւն չկայ:

Ընտանիքին օգնել ցանկացողները կրնան զանգել 094 77 43 41 հեռախօսահամարով՝ Լուսինէին: