image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկեան «վա՞րք». Ամերիկացի զինուորները իրենց ետին թողած են Աստուածաշունչն ու դրօշակը

Ամերիկեան «վա՞րք». Ամերիկացի զինուորները իրենց ետին թողած են Աստուածաշունչն ու դրօշակը

Ռուս լրագրողները այցելած են Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող նախկին ամերիկեան «Տատաթ» ռազմակայան, ուրկէ ամերիկացի զինուորականները շտապ տարհանուած էին թրքական ռազմարշաւի մեկնարկի նախօրէին:

Ինչպէս կը ներկայացնէ Life.ru-ն, ամերիկեան զինծառայողնեը այնքան շտապած են ռազմակայանէն հեռանալու ժամանակ, որ այնտեղ թողած են Աստուածաշունչը, կոշտ սկաւառակները, մրցանակները, որոշ փաստաթուղթեր, անձնական կրծքանշաններ եւ շատ այլ առարկաներ:
Լրագրողները նշած են, որ ամերիկացի զինուորները ոչ թէ հեռացած են, այլ փախուստի դիմած, թէեւ անոնց ոչ ոք կը շտապեցնէր: Այդպիսով մոռացած են իրենց հետ վերցնել հնագոյն մասունք համարուող իրեր, ինչպէս օրինակ՝ թեխասեան ապստամբներու դրօշը, որ Վայրի արեւմուտքի երբեմնի բնակիչներու համար գրեթէ սրբութիւն է: