image

Մահացած է Sir L-ը՝ արուեստագէտ Լեւոն Առատեանը

Մահացած է Sir L-ը՝ արուեստագէտ Լեւոն Առատեանը

Փարիզի մէջ, 87 տարեկանին մահացած է արուեստագէտ, նկարիչ, բարերար Լեւոն Առատեանը, որ արուեստի աշխարհի մէջ յայտնի է  Sir L անունով: 

Պէյրութի մէջ 1932-ին ծնած արուեստագէտը 1951-ին Փարիզ մեկնած է եւ սորված է Սորպոնի համալսարանին մէջ: Ունեցած է անհատական ցուցահանդէսներ, մասնակցած է խմբակայիններու եւ ճանաչում ձեռք բերած է Եւրոպայի մէջ:  

1988-ի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք Լեւոն Առատեանը միջազգային ճանաչում ունեցող նկարիչներու ցուցահանդէս կազմակերպած է եւ հաւաքուած 2 միլիոն ֆրանքը տրամադրած է Ֆրանսահայ բժիշկներու միութեան՝ աղէտի գօտիի մէջ ծրագիր իրականացնելու համար: Աջակցած է նաեւ հայաստանցի նկարիչներու, ինչպէս նաեւ Չարենցաւան քաղաքի մէջ հիմնած է գորգագործութեան արհեստանոց:

Լեւոն Առատեանը աշխոյժ գործունէութիւն ունեցած է նաեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ասպարէզի մէջ՝ ցուցահանդէսներով բարձրաձայնելով ցեղասպանութիւններու հարցը: Այդ թեմայով անոր կազմակերպած «Կեանքի երանգներ» ցուցահանդէսը 1990-ականներու սկիզբը շրջած է եւրոպական շարք մը քաղաքներ: 

Լեւոն Առատեանի դիակեզման արարողութիւնը պիտի կայանայ 24 հոկտեմբերին՝ Փարիզի Պեր-Լաշեզ գերեզմանատան մէջ: 

 

Տոն Ժուան»

 

«Սալոմէ»