image

Ուաշինկթընի մէջ Կոմիտասի 150-ամեակին նուիրուած համերգի հասոյթը՝ Վանաձորի տարեցներուն

Ուաշինկթընի մէջ Կոմիտասի 150-ամեակին նուիրուած համերգի հասոյթը՝ Վանաձորի տարեցներուն

Ուաշինկթընի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ կայացած է Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի յոբելեանական համերգը: Համերգի մենակատարն էր պոլսահայ նշանաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունին, իսկ վայրը պատահական չէր  ընտրուած. Կոմիտաս վարդապետի կեանքի շատ մկարեւոր շրջան կապուած եղած է Ֆրանսայի հետ: Կոմիտասը ոչ միայն մասնագիտական գործունէութիւն ունեցած է Ֆրանսայի մէջ, այլ նաեւ, ինչպէս յայտնի է,  վախճանած է այնտեղ՝ երկար տարիներ տառապելով հիւանդանոցին մէջ:

Յոբելեանական համերգը կազմակերպած էր ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը՝ Ուաշինկթընի մէջ սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ կանանց եկեղեցական խորհուրդի հետ համատեղ: Համերգի հասոյթը տրամադրուած է Վանաձորի տարեցներու տան: 

Ինչպէս «Արեւելք»ը տեղեկացաւ Շահան Արծրունիէն Կոմիտասին նուիրուած իր յաջորդ ձեռնարկը պիտի ըլլայ յոբելեանական  համերգ՝ ՄԱԿ-ի մէջ: