Ֆրանսայի մէջ յարձակած են ֆրանսալեզու Nouvelles d'Arménie (Լուրեր Հայաստանէն) հայկական պարբերականի խմբագրութեան վրայ, այս մասին կը տեղեկանանք Ֆրանսիայի մէջ Հայաստանի դեսպանատունէն:
Դեսպանութիւնը խստօրէն դատապարտած է հայկական պարբերականի վրայ յարձակումը՝ այն անուանելով լուրջ ոտնձգութիւն՝ խօսքի ազատութեան եւ հանրապետական արժէքներու նկատմամբ: Յարձակումը կատարուած է շաբաթ լոյս կիրակի գիշերը:
Յանցագործները կոտրած են խմբագրութեան դուռը, գողացած տեսախցիկներ եւ երեք համակարգիչ, ուր կը պահուին գաղտնի տեղեկութիւններ:
Պարբերականի խմբագիրը Արա Թորանեանն է: