image
Հրատապ լուրեր:

Ֆրանսայի մէջ յարձակած են «Նուվել Տ՛Արմենի»-ի խմբագրութեան վրայ եւ կողոպտած

Ֆրանսայի մէջ յարձակած են «Նուվել Տ՛Արմենի»-ի խմբագրութեան վրայ եւ կողոպտած

Ֆրանսայի մէջ  յարձակած են ֆրանսալեզու Nouvelles d'Arménie (Լուրեր Հայաստանէն) հայկական պարբերականի խմբագրութեան վրայ, այս մասին կը տեղեկանանք  Ֆրանսիայի մէջ Հայաստանի դեսպանատունէն:

Դեսպանութիւնը խստօրէն դատապարտած է հայկական պարբերականի վրայ յարձակումը՝ այն անուանելով լուրջ ոտնձգութիւն՝ խօսքի ազատութեան եւ հանրապետական արժէքներու նկատմամբ: Յարձակումը կատարուած է շաբաթ լոյս կիրակի գիշերը: 

Յանցագործները կոտրած են խմբագրութեան դուռը, գողացած տեսախցիկներ եւ երեք համակարգիչ, ուր կը պահուին գաղտնի տեղեկութիւններ:

Պարբերականի խմբագիրը Արա Թորանեանն է: