image
Հրատապ լուրեր:

Ուքրանիոյ մէջ հայ սպաննուած է

Ուքրանիոյ մէջ հայ սպաննուած է

Ուքրանոյ Տնեփրոպետրովսքի մարզի Տնեփր քաղաքին մէջ, 17 հոկտեմբերին կրակած են «Mercedes» մակնիշի մեքենայի վրայ, որուն վարորդը մահացած է։

«Սպանուածը 27-ամեայ Արմէն Պաղտասարեանն է։ Նախնական տեղեկութիւններով՝ տղամարդը մեքենան քշելու ընթացքին, ինչ-որ պահի կրակոցներ հնչած են, որմէ ետք մեքենան կեցած է։ Շտապօգնութիւն կանչած են, սակայն տղամարդու կեանքը փրկել չեն յաջողած»,- կը հաղորդէ Rusarminfo-ն։

Պարբերականի հաղորդմամբ՝ իրաւապահները ձերբակալած են յանցագործը, որ 53-ամեայ Վատիմ Սաւչուքն է։

Ոստիկաններն ու քննիչները կը պարզեն դէպքի մանրամասները։