Գերմանացի քաղաքական գործիչները պահանջած են Թուրքիոյ դէմ աւելի կոշտ միջոցներ ձեռնարկել՝ կապուած Սուրիա թրքական ներխուժման հետ, կը հաղորդէ DW Turkish-ը:
Ռազմական գործողութիւններու պատճառով Գերմանիան դադրեցուցած է Թուրքիա զէնքի արտահանումը: Սակայն գերմանացի որոշ քաղաքական գործիչներ յայտարարած են, որ այդ միջոցը բաւարար չէ Անգարան զսպելու համար:
Լիպերալ ազատ ժողովրդավարական կուսակցութեան առաջնորդ Քրիսթիան Լինտները յայտարարած է, որ Գերմանիան պէտք է գլխաւորէ Թուրքիան պատժելու հարցով Արեւմուտքի ջանքերը: Այդ գործողութիւնները ան անուանած է «իսլամական նախագահութեան բռնապետութեան ներխուժում, որ կը հակասէ միջազգային օրէնքներուն»:
Եւրոխորհրդարանէն ներս Եւրոպական ազգային կուսակցութեան առաջնորդ եւ Քրիստոնեասոցիալական միութենէն քաղաքական գործիչ Մանֆրէտ Ուէպըրը յայտարարած է, որ մաքսային միութեան մասին համաձայնագիրը պէտք է դադրցուի, եթէ Թուրքիան շարունակէ Սուրիոյ մէջ իր գործողութիւնները:
Միեւնոյն ժամանակ, «Գերմանիոյ համար այլընտրանք» կուսակցութենէն Ալեքսանտր Կաուլանտան կոչ ըրած է դադրեցնելու ԵՄ-ին Թուրքիոյ անդամակցութեան հարցով գործընթացը կամ, ծայրայեղ պարագային, դադրեցնել Թուրքիոյ անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին:
Հակառակ զէնքի մատակարարումներու դադրեցման՝ Թուրքիոյ գերմանական զէնքի վաճառքը հասած է 14 տարուան ընթացքին ամենաբարձր մակարդակին:
Dpa-ի տեղեկութիւններով՝ 2019-ի առաջին 8 ամսիներու ընթացքին Պերլինը Թուրքիոյ 277 միլիոն տոլարի չափով զէնք մատակարարած է: