image

Լիբանանահայ թատերագիր Արա Արծրունիի թատերախաղը՝ Գիւմրիի թատրոնի բեմին (Լուսանկար)

Լիբանանահայ թատերագիր Արա Արծրունիի թատերախաղը՝ Գիւմրիի թատրոնի բեմին (Լուսանկար)

Գիւմրիի տրամաթիքականի «Մհեր Մկրտչեան» փոքր թատրոնին մէջ կ'ընթանայ լիբանանահայ գրող, թատերագիր Արա Արծրունիի «Բարի լոյս, պարոն Մատթէոս» թատերախաղի ներկայացումը: Այս մասին «Արեւելք»ը տեղեկութիւն ստացաւ թատրոնէն:

Ներկայացումը Լիբանանի Համազգային «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի եւ Գիւմրիի տրամաթիքական թատրոնի համատեղ աշխատանքն է, որու բեմադրութիւնը իրականացուցած է լիբանանահայ բեմադրիչ Յակոբ Տէր-Ղուկասեանը: Առաջնախաղը տեղի ունեցած է 16 հոկտեմբերին, ներկայացման աւարտին երախտիքի խօսքեր հնչած են եւ շնորհակալագրեր փոխանցուած Գիւմրիի քաղաքապետարանի եւ Շիրակի մարզպետարանի անունով՝ Լիբանանի Համազգային «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի եւ Գիւմրիի տրամաթիքական թատրոնի միջեւ սերտ համագործակցութեան եւ ազգանպաստ գործունէութիւն իրականացնելու համար։ «Բարի լոյս, պարոն Մատթէոս» թատերախաղի միւս ներկայացումը նախատեսուած է այսօր: 

Լիբանանահայ գրող, թատերագիր, հրապարակախօս Արա Արծրունին կեանքէն հեռացաւ մէկ տարի առաջ՝  2018 թուականի 29 հոկտեմբերին՝ Պէյրութի մէջ։ Անոր ստեղծագործութեան բեմադրութիւնը յարգանքի տուրք է տաղանդաւոր գրողին, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստան-Սփիւռք մշակութային կապերու ամրապնդման եւս մէկ ձեռնարկ: