image

Պէյրութի մէջ բացուած է երեւանցի Թալալեան եղբայրներու ցուցահանդէսը

Պէյրութի մէջ բացուած է երեւանցի Թալալեան եղբայրներու ցուցահանդէսը

Պէյրութի Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացուած է հայաստանցի արուեստագէտներ՝ Արտաւազդ եւ Աղասի Թալալեաններու համատեղ ցուցահանդէսը՝ «Իմ աշխարհը» խորագրով:

Ցուցահանդէսին ներկայ եղած են լիբանանցի հայ եւ օտարազգի այցելուներ, պաշտօնեաներ, որոնք բարձր գնահատած են Թալալեաններու արուեստը: Ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ մինչեւ 26 հոկտեմբեր: