image

Ամենայն Հայոցը Ժընեւի մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցեց

Ամենայն Հայոցը Ժընեւի մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցեց

13 Հոկտեմբերին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Սուրբ Պատարագ մատուցած է Ժընեւի Սուրբ Յակոբ հայկական եկեղեցւոյ մէջ` ազդարարելով եկեղեցւոյ կառուցման 50-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու մեկնարկը եւ իր բարձր ներկայութեամբ խանդավառութիւն հաղորդելով հայ համայնքին: Այս առիթով եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած էին զուիցերահայ համայնքի բազում ներկայացուցիչներ:

Հայրապետական պատարագը սկսած է հանդիսաւոր թափօրով, որու ընթացքին ժողովուրդը արժանացած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրական օրհնութեան: Որպէս առընթերականեր Վեհափառ Հայրապետին սպասաւորած են Խաժակ արքեպիսկոպոսը եւ Գուսան վարդապետը:

Պատարագի սրբազան արարողութեան ներկայ եղած են Զուիցերիոյ քաղաքային իշխանութեան ներկայացուցիչներ, ՀՀ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանը, Զուիցերիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անդրանիկ Յովհաննիսեանը, Զուիցերիոյ տարբեր համայնքներու վարչութիւններու անդամներ, Մայր Աթոռի բարերարներ, ուխտաւոր հայորդիներ, ինչպէս նաեւ Շամբեզիի Ուղղափառ եկեղեցիէն Հայր Ռատի Պուշին, Կաթոլիկ եկեղեցւոյ թեմէն կանտոնի հովուական խնամքի խորհուրդի նախագահ Քաթրին Ռիտլիկերը, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Գլխաւոր քարտուղարի ներկայացուցիչներ Հայր Իոան Սոքան եւ դոկտ. Անի Ղազարեանը, Սռսա-Թղուանէ բողոքական համայնքի ներկայացուցիչներ Ռոլանտ Ուեպըրը եւ Վերոնիք Շոփֆեր-Օրելին եւ Ժընեւի հրէական համայնքի գլխաւոր րաբբի դոկտ. Իսահակ Տայանը:

Ի յիշատակ յոբելեանական այս առիթով հայրապետական այցելութեան` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ ընծայած է մարմարէ խաչքար: Յաւարտ Ս. Պատարագի եկեղեցւոյ հանդիսութիւններու սրահին մէջ, մասնակցութեամբ այս առիթով հաւաքուած ժողովուրդի, տեղի ունեցած է ընդունելութիւն, որու ընթացքում Նորին Սրբութեան բարիգալստեան խօսքով ողջունած է Ժընեւի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Վիգէն Վարձպետը:

Երկօրեայ այցի ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հանդիպումներ ու քննարկումներ ունեցած է թեմի թեմական եւ ծխական մարմիններու պատասխանատուներու եւ անդամներու հետ եւ իր թելադրութիւնները կատարած թեմական եւ համայնքային կեանքի առաւել զօրացման եւ արդիւնաւորման համար: