image

Հայազգի երգչուհի Շերը անդրադարձած է Սուրիոյ վրայ թրքական յարձակման

Հայազգի երգչուհի Շերը անդրադարձած է Սուրիոյ վրայ թրքական յարձակման

Ամերիկահայ փոփ-երգչուհի, երգերու հեղինակ, դերասանուհի Շերը՝ Շերիլին Սարգիսեան,  գրառում կատարած է Սուրիոյ իրավիճակի մասին՝ շեշտելով Թուրքիոյ յարձակումը սուրիական որոշ շրջաններու վրայ:

Շերը գրած է, որ ինք փոքր տարիքէն լսած է թուրքերու կատարած արարքներու մասին, մասնաւորապէս, որ անոնք սպանած են մօտ 2 միլիոն հայ։ «Ես այս մասին լսած եմ նաեւ Հայաստանի մէջ: Թուրք զինուորները դեռ արեան ծարաւ ունին։ Հիմա անոնք Թրամբի օրհնութեամբ ցեղասպանութիւն կ'իրականացնեն քիւրտերու նկատմամբ»,- գրած է ծագումով հայ երգչուհին: