Լիբանանէն կը տեղեկանանք, որ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Վահագն Աթաբեկեանը հանդիպած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ին՝ անոր յանձնելով Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի նամակը: Այդ մասին հաղորդագրութիւն տարածած նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը՝ առանց յայտնելու նամակի բովանդակութեան մասին:
Դեսպանի եւ կաթողիկոսի հանդիպման ժամանակ անդրադարձ եղած է նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ Արամ Ա-ի՝ Զուիցերիա եւ Հոլանտա կատարած պաշտօնական այցին: