6 Հոկտեմբերին, ժամը 10:56-ին «911» ծառայութիւն ահազանգ ստացուած է, որ Երեւանի Սուրբ Աբգար Թագաւորի փողոցի տուներէն մէկու բնակիչը չէ արձագանգած դռան թակոցներուն եւ հեռախօսազանգերուն. անհրաժեշտ է փրկարարներու օգնութիւնը:
Դէպքի վայր մեկնած է ԱԻՆ ՓԾ Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ:
Փրկարարները բացած են տան սենեակի դուռը եւ յատակին յայտնաբերած Դանիէլ Ֆ.-ի (ծնված 1949 թ., ԱՄՆ քաղաքացի) դին: