image

Մէկ տարուան բացակայութիւն. Արուեստագէտներն անմահ են

Մէկ տարուան բացակայութիւն. Արուեստագէտներն անմահ են

Մէկ տարի առաջ այս օրը՝ 1 հոկտեմբերին վախճանած է աշխարհահռչակ հայ երգիչ,  դերասան, գրող, Հայաստանի ազգային հերոս Շառլ Ազնաւուրը: Ազնաւուր մահացաւ Մուրիէսի մէջ (Պուշ տիւ Ռոն) գտնուող իր տան մէջ՝ թոքերու այտուցէն: 

2018 թուականի 5 հոկտեմբերին Ազնաւուրի յիշատակին ազգային տուրք մատուցուած է Փարիզի «Հաշմանդամներու տուն» ռազմական համալիրին մէջ, երկրի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի մասնակցութեամբ, որ անոր անուանած է «Ֆրանսայի ամենակարեւոր դէմքերէն մէկը», աւելցնելով, որ արուեստագէտները երբեք չեն մեռնիր: