image
Հրատապ լուրեր:

«Մենք երբեք չպէտք է մոռնանք եւ լռենք...». Ճօ Պայտընի կոչը

«Մենք երբեք չպէտք է մոռնանք  եւ  լռենք...». Ճօ Պայտընի կոչը

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ Ճո Պայտընը նամակ յղած է ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբին (ANCA), նշելով, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է մէկընդմիշտ հաստատէ իր դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ:

«Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին կը յայտնէ ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբի պաշտօնական կայքը:

«Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պէտք է մէկընդմիշտ արտայայտէ իր դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք ու լռենք այն սարսափելի իրողութեան մասին, որ յանգեցուց 1.5 միլիոն հայ տղամարդոց, կանանց եւ երեխաներու մահուան եւ 2 միլիոն հայերու զանգուածային տեղահանման` իրենց տուներէն: Եթէ մենք չճանչնանք այն ամբողջովին, չյիշենք եւ մեր երեխաներուն չփոխանցենք, «այլեւս երբեք» բառերը կը կորսնցնեն իրենց նշանակութիւնը: Ցեղասպանութեան փաստը յիշել չկարողանալն ու չընդունիլը միայն նոր ուղիներ կը բանայ ապագային զանգուածային չարագործութիւններու համար»,- գրած է Պայտընը:

ԱՄՆ նախկին փոխնախագահ եւ սենաթոր Ճո Պայտընը մշտապէս իր դիրքորոշումը արտայայտած է Հայոց ցեղասպանութեան փաստի վերաբերեալ: