image

Էրտողանի առաջարկը. Ստեղծել «փախստականներու քաղաք»

Էրտողանի առաջարկը. Ստեղծել «փախստականներու քաղաք»

Անգարան թոյլ չի տար «ահաբեկչական միջանցք» ձեւաւորուի Սուրիոյ հետ սահմանին գտնուող անվտանգութեան գօտիին մէջ եւ կ'առաջարկէ այնտեղ «փախստականներու համար քաղաք» ստեղծել:

Այդ մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը՝ ամփոփելով Անգարայի մէջ Ռուսաստանի, Իրանի եւ Թուրքիոյ նախագահներու մասնակցութեամբ Սուրիոյ իրավիճակի կարգաւորման եռակողմ գագաթնաժողովի արդիւնքները, գրած է ria.ru-ն։

«Փախստականներու համար այնտեղ (Սուրիոյ սահմանամերձ տարածքին) պէտք է քաղաք ստեղծել, որպէսզի մարդիկ զբաղուին այգեգործութեամբ եւ հողագործութեամբ։ Ես իմ գործընկերնեուին բացատրած եմ, որ անհրաժեշտ է անոնց համար ենթակառուցուածքներ ստեղծել․ անհրաժեշտ է կանխել ահաբեկչական միջանցքի ձեւաւորումը»,-ըսած է Էրտողանը։