image

Այնճար հայաւանին մէջ նշուեցաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի եւ Այնճարի հիմնադրութեան ամեակները

Այնճար հայաւանին մէջ նշուեցաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի եւ Այնճարի հիմնադրութեան ամեակները

Մուսա լերան հերոսամարտի 104-ամեակին եւ Մուսա լեռ – Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով կազմակերպուած եւ քանի մը օրուան վրայ երկարած ոգեկոչման ձեռնարկներուն հիմնականը հանդիսացաւ  ժողովրդային տօնախմբութիւնը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 14 սեպտեմբեր 2019-ի  երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: 

Նախքան ձեռնարկին բացումը Արմէն Թաշճեան յայտնեց, թէ Արամ Ա. կաթողիկոս, որուն հովանաւորութիւնը կը վայելէ այդ ձեռնարկը, չէ կրցած անձամբ ներկայ ըլլալ` անոր մօր` տիրամայր Լուսին Քէշիշեանի մահուան պատճառով: Ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին անոր յիշատակը:

Օրուան պատգամը ուղղեց Նարեկ արքեպիսկոպոս, որ վեհափառ հօր օրհնութիւնները փոխանցեց ներկաներուն` նշելով, որ ան կամքէ անկախ եւ տիրամօր մահուան պատճառով կը բացակայէր ձեռնարկէն:

Առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ երեք հիմնական խորհուրդներուն, որոնց առաջինը Մուսա լերան հերոսամարտի 104-րդ տարեդարձն է` Մուսա լերան քաջարի կեցուածքով խորհրդանշուող` աւելցնելով, որ հերոսամարտը կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի իբրեւ պահանջատիրութիւն, իբրեւ գոյապայքար, իբրեւ Հայ դատ: «Հերոսամարտը կու գայ մեզի ըսելու, թէ մենք այսօր Մուսա լերան մէջ չենք գտնուիր, բայց Մուսա լեռը կը գտնուի մեր հոգիներուն մէջ եւ Մուսա լեռը կը բերէ մեր պահանջատիրական կանչը եւ ընթացքը` Սիսով, Մասիսով եւ ամբողջական Հայաստանով», շեշտեց ան:

Առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ երկրորդ առիթը Մուս լեռ – Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակն է, որ կը խորհրդանշէ մեր ժողովուրդին  շինարար ոգին, ճահիճը կեանքի ովասիսի

վերածելու իրականութիւնը: Ան նշեց, որ նոյն օրը ապրուած երկու յիշատակելի պահեր` ազգագրական թանգարանի եւ Ազգային Յառաջ վարժարանի հիմնադիր տնօրէնի հարթաքանդակի նուիրագործում, եղան մեզ հերոսամարտին եւ 80-ամեակին կապող օղակներ:

Նարեկ արքեպիսկոպոս երրորդ խորհուրդը նկատեց շաբաթ մը առաջ նշուած Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 60-ամեակը, որ կը խորհրդանշէ հայ քրիստոնեայ հաւատքին մշտարծարծ ներկայութիւնը հայ կեանքին մէջ:

Խօսք առաւ նաեւ նշեալ յոբելենական մարմինի ատենապետ Արմէն Թաշճեան, որ հանգամանօրէն անդրադարձաւ Այնճարի 80-ամեայ գոյապայքարի զանազան փուլերուն, դիմակալած մարտահրաւէրներուն եւ արձանագրած իրագործումներուն: 

 

***

Նշենք, որ 80-ամեակի ձեռնարկները աւարտեցան կիրակի, 15 սեպտեմբերին, առաւօտեան Ս. պատարագով, զոր մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս: Անոր յաջորդեց սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին խօսք առին զանազան անձնաւորութիւններ: 

 

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն (ամփոփուած)